#բատիկեան #էկրանահան #հայերէն
Գուցէ տարի մըն ալ այսպէս անցուց, մինչեւ օր մը գիշեր ատեն ծերուկ գայլ մը Պաքիին հոտն առաւ։ Գայլը փորեց, փորեց մինչեւ հասաւ պաղած դէմքի մը։ Սառ կապած զոյգ մը աչքեր կը նայէին իրեն անանկ անտարբերութեամբ, որ անասունը յանկարծ ծայրայեղ յուսահատութիւն զգաց։ Այն ատեն յիշեց իր լակոտութիւնը, յիշեց ինչպէս պզտիկ աղջիկը կարմիր ժապաւէն անցուցած էր իր վիզը, եւ ինք շատ հպարտ էր։ Յիշեց, որ գայլ չէր, այլ թշուառ շուն մը՝ տունէն վռնտուած եւ օր մը ինքզինք զօրաւոր գազան երեւակայած։ Այն ատեն յուսահատեցաւ, անդրադարձաւ որ վերջը մօտ էր ու հեռացաւ։ Տղուն չդպաւ։
#բատիկեան
– Ծօ, չոճուխ չես ալ, այդ աղջիկին եւ շունին հետ սլքտալու փոխարէն, տարեկից ընկեր մը փնտռէ՛…
Բայց շատ մտիկ չեմ ըներ մայրս: Խրիսթինան աղուոր է, ինչ որ ըսեմ, կը համաձայնի, Կարոյին պէս չէ:
Կարոն ինծի տարեկից դրացի տղայ մըն է, որուն հետ օր մը սինեմա գացինք, բայց չկրցանք համաձայնութեան գալ դիտուելիք ֆիլմին համար եւ տարբեր յայտագիրներ ընտրեցինք: Խրիսթինան տարբեր է, ճաշակաւոր է, կը սիրէ իմ հաւնած ֆիլմերս, տուած գիրքերս կը կարդայ… Թէեւ սա վերջին պարագային քիչ մը կը կասկածիմ այն բանէն վերջ, երբ սխալմամբ տուածս հայերէն գիրքը վերադարձուց հիացական խօսքերով:
– Բայց դուն հայերէն չես գիտեր, ի՞նչպէս կարդացիր, – հարցուցի զարմացած:
– Ընկերուհիի մը տուի, կարդաց պատմեց:
– Ո՞վ է ընկերուհիդ:
– Է-է…չես ճանչնար…աղջիկ մը, – ըսաւ շփոթուելով:
– Է լաւ, – ըսի, բայց տհաճ զգացում մը մնաց մէջս:
Ինչ որ է. Խրիսթինան, այդ մէկ դէպքը եթէ մոռնալու ըլլանք, հաւատարիմ, ազնիւ եւ հոգատար ընկերուհի մըն է… Բայց կ՚ուշանայ այսօր: Կ՚ելլեմ շիտակ իրենց տունը կ՚երթամ:
#քաղուածք #բատիկեան #աղջիկ #պատմութիւն #հայերէն #գրականութիւն
Բայց ի՞նչու համար կը գրենք. հայ գրական շրջանակներուն մէջ բաւական տարածուած հարցում մըն է ասիկա, մանաւանդ վերջին տարիներուն: Օր չ’ըլլար, որ մէկը սա հարցումը չընէ՝ ի՞նչու համար կը գրես: Կայ նաեւ շատ տարածուած պատասխան մը. կը գրեմ, որովհետեւ չեմ կրնար չգրել: Սա վերջին կէտին վրայ խորհեցայ, եւ հասկցայ, որ դիւրաւ կրնամ չգրել: Ուրեմն ի՞նչու կը գրեմ (կամ՝ կը գրենք): Պատասխանը գտայ ուշ, եւ, ցաւօք, շատ վիպական չէր ան. կը գրեմ (-ենք), որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ բան ընել գիտեմ, ուրիշ ոչ մէկ բանի համար պիտանի եմ, եւ քիչ մը սարսափելի է գիտակցիլ, թէ կեանքս այդպէս պարապի պիտի երթայ: Անոր համար կը գրեմ: Այսչափ:
#ինքնագիր #բատիկեան #քաղուածք
Բատիկեանը գրել է՝
Հեռաձայն ստացայ, աղջիկ մըն էր, ըսաւ՝ բարեւ ես Այսինչ Այնինչեանն եմ, Այսինչ.am/com կամ org կայքէջը կը ներկայացնեմ, ձեր հեռաձայնին թիւը Տիկին Պարոնեանէն գիտցայ եւ կ’ուզեմ ձեզի հետ interview ընել:
«Ինչի՞ մասին», ըսի:
«Տէ դուք գրող էք չէ՞, կարող ենք ձեր գիրքի մասին»:
«Բայց ես տպուած գիրք չունիմ»:
«Տէ ինչի մասին ուզում էք, կապ չունի»
«Ի՞նչ ըսել է՝ ինչի մասին որ կ’ուզեմ…»
«Ինչ որ ուզէք, վայ», ըսաւ նեղացած թոնով:
«Ներողութիւն, իսկ ինչո՞ւ համար որոշած էք ճիշդ ինծի դիմել»:
«Մեզ սիրիահայ մտաւորական ա պէտք»:
«Բայց ես սիրիահայ չեմ…»:
«Հա՞… բա խի՞ շուտ չէիր ասում..», ըսաւ բարկացած եւ հեռաձայնը երեսիս գոցեց:
Վերջ
#բատիկեան #հարցազրոյց #զրոյց