2015-04-13-1394830

Քիմին դիմաւորելու չէի ելած, չէի ալ գիտեր որ ճիշդ այդ ժամուն պիտի գայ, պարզապէս Մարիօթ պանդոկին մօտակայքը կը գտնուէի, եւ անհասկնալի ժխոր լսելով Ամիրեանէն Մայր հրապարակ ելայ ու տեսայ այդ ամբոխը: Հարիւրաւոր դեռահաս աղջիկներ ու տղաներ, որ եկեր էին գոնէ հեռուէն տեսնելու մէկը, որ երազային Հալիվուտէն կու գար: Քովէս կին մը կ՛անցնէր որ ըսաւ՝ եթէ Գոհար Գասպարեանն ըլլար, այսչափ մարդ չէր հաւաքուիր (բայց կարծեմ եթէ Գոհար Գասպարեան հրաշքով մը վերակենդանանար, աւելի շատ մարդ կը հաւաքուէր, չէ՞, ըսենք տեսնելու համար վերակենդանացած մեռեալ մը…): Տիկինը դժգոհ էր, իսկ ես չեմ գիտեր ինչու ուրախ էի: Ուրախ էի որ այսչափ պատանիներ այսօր գոնէ հեռուէն տեսնելով Քիմը յետոյ ամբողջ կեանքերնին պիտի յիշեն այդ դրուագը, ուրախ էի որ հակառակ քաղքենիական բրոբականտին (պարզ լեզուով ըսած՝ «Քիմը բոզ է» եւայլն) այսքան մարդ հաւաքուած էր: Ուրախ էի նաեւ որ այսքան մարդ խորքին մէջ միայն Քիմին համար չէր հաւաքուած: Հայաստանեան առաջին տարիներուս շատ չէի հասկնար, հիմա աւելի կը հասկնամ պզտիկ երկրի մը բնակչին երազը՝ մեծ աշխարհէն մաս ըլլալ: Քիմը տեսակ մը պատուհան է անոնց համար դէպի այդ մեծ աշխարհը, յոյս, թէ հայաստանցին մինակ չէ, տակաւին դուրս չէ մղուած կլոպալ աշխարհէն: Կրնանք խօսիլ բարդոյթներու եւ այլ բաներու մասին, բայց ինծի շատ հետաքրքրական չեն ատոնք: Գիտեմ թէ գիշերը հարիւրաւոր պատանիներ յոսով եւ ժպիտով պառկեցան: Քիմը օդի թարմ հոսանք է անոնց համար, եւ որչափ որ կ՛ուզեն թող դժգոհին «ազգային արժէքներուն պահապանները

#վահան_իշխանեան #քիմ_քարդաշեան #երեւան

բնօրինակ սփիւռքում(եւ մեկնաբանութիւննե՞ր)

պիտակներ՝ վահան_իշխանեան  քիմ_քարդաշեան  երեւան